2013-09-26 10:19:56

Հաւատոյ Տարի։ Կրօնուսոյցներու Օրեր` ''Կրօնուսոյցը Հաւատքի Ճշմարիտ Վկայ''։


26-29 սեպտեմբեր Հռոմի մէջ կը նշուի '''Կրօնուսոյցներու Օրը'' որ կազմակերպուած է, Հաւատոյ Տարուայ ծիրէն ներս, Աւետարանութեան Քահանայպետական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ։
''Կրօնուսոյցներու Օրերը'' բաժնուած են երկու գլխաւոր մասերու` ''կրօսուսույցներու Միջազգային Գիտաժողով'', Վատիկանի Պօղոս Զ սրահին մէջ, 26 - 28 սեպտեմբեր եւ ''կրօնուսույցներու ս Պետրոս առաքելապաետի դմաբանին ուխտագնացութիւնը'', 28 - 29 սեպտեմբեր։
Կրօսուսույցներու Միջազգային Գիտաժողովի խորագիրն է ''Կրօնուսոյցը հաւատքի ճշմարիտ վկայ''։
Կրօսուսույցներու Միջազգային գիտաժողովին կը մասնակցին եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու կրօնուսուցման յանձնախումբի անդամները, կրօուսուցումի ազգային գրասենեակներու պատասխանատուներ եւ այլ հաստատութիւններ որ իրենց գործունէութեան ծիրէն ներս` ներփակուած է կրօնուսուսցումը կամ դաստիարակչական կազմաւորումը։
Ս. Պետրոս առաքելապետի գերեզմանին ուխտագնացութիւնը կ'եզրափակուի կիրակի 29 սեպտեմբերին, Վատիկանի մէջ մատուցուած հանդիսաւոր պատարագի արարողութեամբ, զոր պիտի գլխաւորէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.